Օրերս, Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած սպաննութիւններուն ֆոնին, լիբանանեան կարգ մը լրատուամիջոցներ բարձրաձայնած են, թէ Լիբանանը անվտանգութեան ուժերու բացակայութեան պայմաններուն տակ յայտնուած է կողոպուտի ու ոճիրներու ճիրաններուն մէջ:
«Արեւելք» թարգմանաբար կը ներկայացնէ «Ալ Տիար» պարբերականի յօդուածը այս առնչութեամբ:
«Լիբանան կ'ապրի անվտանգութեան զգալի անկում, որ կը վտանգէ քաղաքացիներու ապահովութիւնն ու բացասաբար կ'անդրադառնայ ազգային տնտեսութեան վրայ: Հետեւաբար լիբանանցիները կը հարցնեն, արդեօք ուր է պետութեան, անվտանգութեան ուժերու եւ լիբանանեան բանակի դերը այս մարտահրաւէրները դիմագրաւելու գործին մէջ:
Վերջին շաբաթներուն, Լիբանանի մէջ գողութիւններու եւ սպաննութիւններու տագնապալի աճ նկատուած է, ինչ որ խուճապի եւ դժգոհութեան ալիք առաջացուցած քաղաքացիներուն մօտ: Արձանագրուած են քանի մը սարսափելի դէպքեր, որոնցմէ ուշագրաւ է յիշել Մազրաաթ Եաշուհ շրջանի մէջ տեղի ունեցած սպանութիւնը, երբ սուրիացի բանուորներ կողոպուտի նպատակով սպաննած են կազալցակայանի սեփականատէր Էմիլ Հատիֆան ապա խոյս տուած են՝ Սուրիա։
Ինչպէս նաեւ Ֆարայա շրջանին մէջ կատարուած ոճիրը, երբ երիտասարդ՝ Ճ. Շամուն քանի մը անգամ վրաերթի ենթարկած է պատանի Խալիլ Խալիլը (17 տարեկան) մինչեւ որ վերջինս մահացած, պարզապէս ճանապարհի իրաւունքի համար եղած տարակարծութեան մը պատճառով։ Աւելի ուշ յանցագործը, անոր մայրը եւ երկու ուղեկիցները ձերբակալուած են։
Իսկ Պսալիմ շրջանին մէջ, հայ առաքելական համայնքի Լիբանանի փոխ առաջնորդ Տ. Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի (40 տարեկան) դիակը գտնուած է իր բնակարանին մէջ: Ամենայն հաւանականութեամբ ոճրագործութեան դրդապատճառը եղած է գողութիւնը, իսկ կասկածեալները՝ սուրիացի բանուորներ։
Այս ոճիրները չեն սահմանափակուած որոշ շրջաններով, այլ ծաւալուած՝ ընդգրկելու երկրի տարբեր շրջաններ, եւ այդ կը վկայէ այս երեւոյթի արագ տարածման մասին։ Քաղաքացիները այժմ կ'ապրին վախի եւ մտահոգութեան մէջ, անոնք կոչ կ'ընեն անվտանգութեան ծառայութիւններուն աւելցնելու իրենց ջանքերը կանխելու բազմացող այս յանցագործութիւնները:
Ոճիրներու նկատելի այս աճը պայմանաւորուած է քանի մը գործօններով՝ երկրի տնտեսական եւ ընկերային պայմաններու վատացումով, պետութեան եւ անվտանգութեան ծառայութիւններու թուլութեամբ: Այս ողբերգական իրավիճակը կը պահանջէ իշխանութիւններէն հրատապ քայլերու դիմել ամրապնդելու երկրի անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը»: