Եթէ Միացեալ Նահանգները կը սպառնայ մեզի, մենք պիտի սպառնանք անոնց, եթէ անոնք սպառնան Իրանի ազգային անվտանգութեան, մենք առանց վարանելու պիտի սպառնանք անոնց անվտանգութեան. այս մասին, Tasnim-ի հաղորդմամբ, ըսած է Իրանի գերագոյն հոգեւոր առաջնորդ այաթոլլահ Ալի Խամենէին:
«Ամերիկացիները նստած են, թուղթի վրայ կը փոխեն աշխարհի քարտէզը. ի հարկէ, այդ միայն թուղթի վրայ է, իրականութեան հետ կապ չունի։ Անոնք կը մեկնաբանեն, կը խօսին, կը սպառնան մեզի։ Եթէ մեզի կը սպառնան, մենք ալ կը սպառնանք իրենց։ Եթէ այս սպառնալիքն իրականացնեն, մենք ալ մեր սպառնալիքը պիտի իրականացնենք։ Եթէ անոնք կը սպառնան մեր ազգի անվտանգութեան, մենք անկասկած պիտի սպառնանք անոնց անվտանգութեան», -ըսած է գերագոյն առաջնորդը: