image

Տ. Կոմիտաս եւ Տ. Թորգոմ արք.եր Աթէնք այցելեցին

Տ. Կոմիտաս եւ Տ. Թորգոմ արք.եր Աթէնք այցելեցին

 

 Ուշագրաւ  այցելութեամբ մը Կիպրոսի Հայոց Թեմի Կաթ. Փոխանորդ Գերշ. Տ. Կոմիտաս արք. Օհանեան եւ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի  նախկին Առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ արք.  Տօնոյեան օրերս Աթէնք այցելած են եւ հիւրընկալուած Թեմի Առաջնորդ Գերպ. Տ. Սահակ ծ.վրդ. Եմիշեանին կողմէ։

 

 «Արեւելք» ստորեւ կը ներկայացնէ ատոր մասին տարածուած հաղորդագրութիւնը։

 

Չորեքշաբթի, 5 Փետրուար 2025-ի կէսօրին Կիպրոսի Հայոց Կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան եւ Գերշ. Տ. Թորգոմ Արքեպիսկոպոս Տօնոյեան այցելեցին Յունահայոց Ազգային Առաջնորդարան, որ Աթէնք, եւ հիւրընկալուեցան Առաջնորդ Հայր Սուրբ՝ Գերպ. Տ. Սահակ Ծ. Վրդ. Եմիշեանի կողմէ: Առաջնորդ Հայր Սուրբը նախ բարի գալուստ մաղթեց սրբազան Արքեպիսկոպոսներուն եւ մեծ ուրախութեամբ ողջունեց անոնց եղբայրական այցելութիւնը Յունաստան: Կոմիտաս Սրբազան իր հերթին կարեւորեց Յունաստանի եւ Կիպրոսի Ազգային Առաջնորդարաններու գործակցութեան առաւել ընդլայնումը շեշտելով, որ մեր ազգային Առաջնորդարանները պարտին առաւել եւս մասնակից դառնալ մեր նոր սերունդի յունախօս երիտասարդներու կեանքէն ներս որպէսզի հոգեւոր եւ հայեցի կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը աւելի մատչելի, ընդունելի ու աւանդութիւնները աւելի հասկնալի դարձնեն անոնց կեանքէն ներս: Իր կարգին Թորգոմ Սրբազան յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի բարձր գնահատեց Հայր Սահակի Առաջնորդական ծառայութիւնը եւ Թեմէն ներս կատարուած իրագործումները շեշտելով , որ արդարեւ Յունահայոց Թեմը իր բոլոր ծուխերով, միաւորներով, մարմիններով եւ կեդրոնով՝ Ազգային Առաջնորդարանով եզակի տեղ ու անկրկնելի դերակատարութիւն ունի Յունահայոց կեանքէն ներս: Հանդիպման աւարտին Առաջնորդ Հայր Սուրբը սիրոյ սեղանով մը պատոիեց սրբազան Արքեպիսկոպոսները: