image

Ալեն Սիմոնեանը քիչ հաւանական կը համարէ, որ Հայաստանը կ՚ընդունի Ռուսիոյ միջնորդութիւնը

Ալեն Սիմոնեանը քիչ հաւանական կը համարէ, որ Հայաստանը կ՚ընդունի Ռուսիոյ միջնորդութիւնը

Ազգային Ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանը քիչ հաւանական կը համարէ, որ Հայաստանը կ՚ընդունի Ռուսիոյ միջնորդութիւնն Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւններուն մէջ։ Ազգային Ժողովի մէջ լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին ան յայտարարած է, որ իւրաքանչիւր առաջարկ պատրաստ են քննարկելու։

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզինը «Իզվեսթիա» թերթին տուած հարցազրոյցին ըսած էր, որ ռուսական կողմը միշտ պատրաստ է որեւէ հնարաւոր օգնութիւն ցուցաբերելու Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին, եթէ անոնք այդ ցանկանան։

Ազգային Ժողովի նախագահը ռուսական միջնորդութեան վերաբերեալ իր թերահաւատութիւնը հիմնաւորած է «անցած փորձով»։ Անոր խօսքով՝ «այն շատ վատ յուշեր է թողել»։

«Մենք շատ հարցերի պատասխաններ մինչ օրս չունենք։ Օրինակ՝ Հայաստանի սուվերէն տարածք ներխուժած ադրբեջանական զօրքերի վերաբերեալ Ռուսաստանի դիրքորոշումը, թէ՛ ՀԱՊԿ-ի, թէ՛ Հայաստան-Ռուսաստան միջպետական պայմանագրի շրջանակում։ Նոյեմբերի 9-ի պայմանագրով ռուս խաղաղապահները պարտաւորուել էին պաշտպանել հայ ժողովրդին, հիմա տեսնում էք որտեղ է Ղարաբաղում բնակուող հայ ժողովուրդը, որտեղ են ռուս խաղաղապահները»,-ըսած է Սիմոնեանը։

Լրագրողի դիտարկման, թէ նշուած իրավիճակներուն մէջ Հայաստանն ինչ ակնկալիք ունէր Ռուսիայէն, Սիմոնեանն ըսած է, թէ Ռուսիան առնուազն պէտք է գործողութիւն իրականացնէր. «Բայց նոյնիսկ քաղաքական գնահատականի չարժանացանք»։