image

Կիլիկեան Աթոռի միաբան՝ Գերպ. Տ. Անանիա Ծ. Վրդ. Գուճանեան սպաննուեցաւ Պէյրութի մէջ

Կիլիկեան  Աթոռի միաբան՝ Գերպ. Տ. Անանիա Ծ. Վրդ. Գուճանեան սպաննուեցաւ Պէյրութի մէջ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն Գերպ. Տ. Անանիա ծ.վրդ. Գուճանեան այսօր  սպաննուած գտնուած է։

Լուրը «Արեւելք» ստացաւ Պէյրութի իր աղբիւրներէն։

Աւելի վաղ լիբանանեան հարթակներ գրած էին այն մասին, որ վերջին անգամ վարդապետը նկատուած էր Պէյրութի հայաշատ Պուրճ Համուտ շրջանի իր բնակարանին մօտ եւ մինչեւ սպանութեան լուրին տարածուիլը անհնար եղած էր վերջինին հետ կապ հաստատել։

Մինչեւ այս պահը եղելութեան մասին աւելի մանրամասն տեղեկութիւններ կը պակսին, միայն կը նշուի, որ մահացած վարդապետին դին գտնուած է Լեռնալիբանանի «Պսալիմ» շրջանին մէջ։

Յիշեցնենք, որ Պէյրութի մէջ ծնած Հայր Անանիա ուսանած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Զարեհեան» դպրեվանքը։ Կրթական շրջանը աւարտելէ ետք Հայր Անանիա կը ձեռնադրուի կուսակրօն քահանայ եւ աւելի ուշ ծառայութեան կը կոչուի Իրանի մէջ (Սպահանի Թեմ)։

Վերջին տարիներուն ան հաստատուած էր իր ծննդավայր Պէյրութի մէջ եւ կը ծառայէր Լիբանանի Թեմէն ներս, որպէս փոխ-առաջնորդ եւ հոգեւոր ծառայութիւն կը բերէր Լիբանանի Պեքաա շրջանի հայութեան (Այնճար եւ Զահլէ աւաններուն մէջ)։