Եւրոմիութեան (ԵՄ) հետ մերձեցման գործընթացը թափ կը հաւաքէ, սակայն Հայաստանը դեռ պաշտօնական յայտ չէ ներկայացուցած անդամակցութեան համար, «Իզվեսթիա»-ին յայտնած են Եւրոյանձնաժողովէն։
«Հայաստանի մէջ ընթացող քննարկումները ցոյց կու տան Եւրոմիութեան ու անոր արժէքներու գրաւչութիւնը։ ԵՄ-ի եւ Հայաստանի յարաբերութիւնները երբեք այնքան սերտ չեն եղած, որքան հիմա: Վիզայի ազատականացման շուրջ երկխօսութեան մեկնարկը եւ Խաղաղութեան եւրոպական հիմնադրամի շրջածիրէն ներս 10 միլիոն եւրոյի չափով աջակցութիւնը ցոյց տուին այդ»,- ռուսական պարբերականին ըսած են Եւրոյանձնաժողովէն:
Պրիւքսէլը նաեւ յիշեցուցած է, որ ԵՄ-ն «Հայաստանի կայունութիւն եւ աճ» ծրագրի միջոցով աւելցուցած է ֆինանսական աջակցութիւնը 2024-2027 թուականներու համար՝ 270 միլիոն եւրոյի չափով: Այս ծրագիրն ուղղուած է երկրի ընկերային-տնտեսական կայունութեան ամրապնդման, առեւտուրի, փոխադրային հաղորդակցութիւններու եւ ուժանիւթային անվտանգութեան զարգացման։
Պրիւքսելի մէջ խոստացած են նաեւ հայ գործընկերներու հետ քննարկել եւրոհամարկման մասին օրինագիծը։ Չնայած այն հանգամանքին, որ իրաւաբանօրէն ԵՄ անդամակցութեան հարցը դեռ օրակարգի վրայ չէ, Հայաստանն արդէն կ՚երթայ դէպի ԵՄ-ի հետ աւելի խոր գործընկերութիւն։
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի Ազգային ժողովի եւրոպական համարկման հարցերու մշտական յանձնաժողովը դրական եզրակացութիւն տուած է «Եւրոպական միութեան Հայաստանի Հանրապետութեան անդամակցելու գործընթացի մեկնարկի մասին» օրէնքի նախագիծին։
Հարցը պիտի ընդգրկուի յառաջիկայ ԱԺ լիագումար նստաշրջանի օրակարգ, որ պիտի մեկնարկի փետրուար 11-էն։