Լիբանանի Այնճար հայկական աւանի հարազատ զաւակներէն, լիբանանեան բանակի սպայ՝ Գնդ. Մովսէս Նաշալեան օրերս այցելութիւն տուած է Այնճարի Հայ Աւետ. Վարժարան։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ համացանցէն։
Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ առթիւ մեր կողմէ պատրաստուած լրատւութիւնը։
9 Յունուար 2025-ին «Ազգային Օրէնքի Կիրառումի եւ Գնահատանքի Օրուան» առթիւ Այնճարի Հայ Աւետարանական վարժարանէն ներս տեղի ունեցած աշակերատական հաւաքին հիւրաբար իր մասնակցութիւնը բերած է լիբանանեան բանակի երիտասարդ եւ խոստմանլից սպաներէն, բնիկ Այնճարցի սպայ՝ Գնդ. Մովսէս Նաշալեան։
Գնդ. Նաշալեան այս առթիւ ունեցած էր մտերմիկ խօսակցութիւն մը պատմելով իր անցած ուղիին, այսօրուայ ընելիքներուն եւ որպէս լիբանանեան բանակին մէջ ծառայող սպայ ունեցած մարտահրաւէրներուն մասին։ Ապա, աշակերտները խանդավառութեամբ ուղղեցին իրենց հարցումները օրուայ հիւրին հարցեր հնչեցին բանակի սպային ապրած առօրեային, ինչպէս նաեւ սպայից յատուկ վարժարանին մասին։
Ձեռնարկը աւարտեցաւ դրական մթնոլորտի մը մէջ եւ ներկաներն ու պատասխանատուները իրենց շնորհակալութիւնը յայտնեցին Գնդ. Նաշալեանին այցելութեան ու նաեւ ստեղծուած մտերմութեան համար։