ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն անձամբ կը մասնակցի Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ ճգնաժամի կարգաւորման: Ճեպազրոյցի ժամանակ նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Վետանթ Փաթելը:
«Այդ աշխարհի այն հատուածն է, որու խնդիրներու լուծման գործին խորապէս ներգրաւուած է նաեւ Արտաքին գործոց նախարարը անձամբ: Իր պաշօնավարման ընթացքին ան մշտապէս փոխգործակցած է երկու երկիրներու հետ»,- ըսած է ան`աւելցնելով, որ իրենք կը շարունակեն հաւատալ` երկու երկիրներու միջեւ խաղաղութիւնը հնարաւոր է:
«Մենք կը շարունակենք աշխատիլ այդ ուղղութեամբ»,- ըսած է Փաթելը: