image

Թուրքիան ներգրաւուած պիտի մնայ Հարաւային Կովկասի անվտանգութեան եւ զարգացման վրայ ազդող գործընթացներուն մէջ․ Էրտողան

Թուրքիան ներգրաւուած պիտի մնայ Հարաւային Կովկասի անվտանգութեան եւ զարգացման վրայ ազդող գործընթացներուն մէջ․ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը յայտարարած է, որ Անգարան պիտի շարունակէ իր պարտաւորութիւնները Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան եւ տնտեսական զարգացման ապահովման ուղղութեամբ: Այս մասին ան ըսած է Անգարայի մէջ նախարարներու գրասենեակի նիստէն ետք տեղի ունեցած ճեպազրոյցի ժամանակ։

Ան նշած է, որ Թուրքիան մտադիր է շարունակել ներգրաւուած մնալ տարածաշրջանի անվտանգութեան եւ տնտեսական զարգացման վրայ ազդող գործընթացներուն մէջ։

«Մենք պիտի շարունակենք կատարել Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութեան եւ տնտեսական զարգացման ապահովմանն ուղղուած մեր պարտաւորութիւնները», – նշած է Թուրքիոյ նախագահը։

Էրտողան հաստատած է, որ Անգարան կը շարունակէ յանձնառու ըլլալ Ատրպէյճանին աջակցելու հարցով։

«Մենք կանգնած էինք մեր ատրպէյճանցի եղբայրներու կողքին՝ նշելով Յաղթանակի օրը Պաքուի Ազատլիկ հրապարակին վրայ։ Թուրքիան պիտի շարունակէ ըլլալ Ատրպէյճանի կողքին՝ թէ՛ վիշտի, թէ՛ ուրախութեան պահերուն՝ համաձայն «Մէկ ազգ, երկու պետութիւն» սկզբունքի», –յայտարարած է Էրտողանը։