image

«Համաս»ը վերջին պահուն ետ կանգնած է գործարքի որոշ պայմանաւորուածութիւններէ՝ ստեղծելով ճգնաժամ. Նաթանիահուի գրասենեակ

«Համաս»ը վերջին պահուն ետ կանգնած է գործարքի որոշ պայմանաւորուածութիւններէ՝ ստեղծելով ճգնաժամ. Նաթանիահուի գրասենեակ

Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի գրասենեակը յայտնած է, որ պաղեստինեան «Համաս» խմբաւորումը ետ կանգնած է որոշ պայմանաւորուածութիւններէ եւ վերջին վայրկեանին «ճգնաժամ» ստեղծած է պատանդներու ազատ արձակման գործարքը վերջնականացնելու հարցով: Այս մասին գրած է timesofisrael.com-ը:

««Համաս»-ը կը հրաժարի փոխըմբռնումէն եւ կը ստեղծէ վերջին վայրկեանի ճգնաժամ, որ կը խանգարէ համաձայնութեան», -ըսուած է գրասենեակի յայտարարութեան մէջ:

Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակէն յայտնած են, որ նախարարներու գրասենեակը պիտի չհաւաքուի Կազայի գործարքը հաստատելու համար, քանի դեռ միջնորդները չեն տեղեկացուցած, որ «Համաս»-ն ընդունած է Իսրայէլի բոլոր կէտերը:

15 յունուարի գիշեր Քաթարի վարչապետ Շէյխ Մոհամմետ պըն Ապտուլրահման պըն Ճասսիմ Ալ Թանին պաշտօնապէս յայտարարած է Կազայի հատուածին մէջ հրադադարի կնքման մասին, այն ուժի մէջ պիտի մտնէ յունուար 19-էն։

Ան նշած է, որ Կազայի հատուածին մէջ հրադադարի համաձայնագրի առաջին փուլը պիտի տեւէ 42 օր։ Այդ ընթացքին պիտի որոշուին յաջորդ փուլի պայմանները, ազատ պիտի արձակուին 33 իսրայէլցի պատանդներ։ 

Reuters-ը յայտնած է, որ «Հրադադարի երկրորդ փուլի իրականացման շուրջ բանակցութիւնները պիտի սկսին առաջին փուլի 16-րդ օրը եւ պիտի ներառեն մնացած բոլոր պատանդներու ազատ արձակումը, մշտական հրադադարի հասնիլը եւ Կազայէն իսրայէլեան զօրքերու ամբողջական դուրսբերումը:

Երրորդ փուլի շրջածիրէն ներս կը սպասուի, որ վերադարձուին զոհուածներու մնացած բոլոր մարմինները եւ սկսի Կազայի հատուածի վերականգնումը Եգիպտոսի, Քաթարի եւ ՄԱԿ-ի հսկողութեան ներքոյ»: