image

Հատրութի մէջ երկու աճիւն յայտնաբերուած է

Հատրութի մէջ երկու աճիւն յայտնաբերուած է

Ռազմական գործողութիւններու ընթացքին զոհուած եւ անհետ կորսուած համարուող զինուորներու աճիւններու որոնողական աշխատանքները Հատրութի շրջանին մէջ յայտնաբերած են 2 աճիւն: Այս մասին յայտնած են Արցախի Հանրապետութեան Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութենէն:

Անոնց ինքնութիւնը կը պարզուի դատաբժշկական փորձաքննութենէն ետք:

Յիշեցնենք, որ զինադադարէն ետք` 13 Նոյեմբեր 2020-էն առ այսօր, Արցախի գրաւեալ տարածքները իրականացուած որոնումներու հետեւանքով,փրկարարական ջոկատները մինչ օրս յայտնաբերած եւ տարհանած են ընդհանուր 1685 աճիւն։