Հոկտեմբեր 10-ին յայտնաբերուած է ՀՀ ՊՆ N զօրամասի զինծառայող Ա. Ղ.-ի դին՝ հրազէնային վնասուածքով։
Զինծառայողին ընտանիքը սահմանուած կարգով տեղեկացուած է։
Դէպքին հանգամանքները ամբողջութեամբ պարզելու նպատակով քննութիւն կը կատարուի։
ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը ցաւակցութիւն եւ զօրակցութիւն կը յայտնէ զինծառայողին ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն։
Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութենէն։