Հռոմի Լեւոն ԺԴ. Պապին մօտ թոքի քաղցկեղ ախտորոշուած է՝ Հոկտեմբեր 13-ին վիրաբուժներու կողմէ անոր աջ թոքին մէկ մասին հեռացումէն ետք։ Այս մասին յայտնած է Վատիկանը։
Տեղեկագրին համաձայն՝ Հռոմի Պապին մօտ յայտնաբերուած է թոքի ադենոքարցինոմա՝ քաղցկեղի տարածուած տեսակներէն մէկը։ Վիրահատութեան ընթացքին վերցուած հիւսուածքներուն հետազօտութեան արդիւնքները հաստատած են այն կասկածները, զորս բժիշկները ունեցած էին նախնական քննութիւններու հիման վրայ։
Լեւոն Պապ ընդունուած էր Հռոմի «Ճեմելի» հիւանդանոցը, որպէսզի բժիշկները հեռացնեն վերջերս յայտնաբերուած գոյացութիւնը։
Լեւոն ԺԴ. Պապին գլխաւոր վիրաբուժ Ստեֆանօ Մարկարիթորան եւ անձնական բժիշկ Լուիճի Քարպոնէն իրենց յայտարարութեան մէջ նշած են, որ վիրահատութիւնը տեւած է շուրջ 90 վայրկեան եւ յաջողութեամբ աւարտած է՝ առանց բարդութիւններու։
«Ամբողջական հեռացումը ապահովելու նպատակով աջ թոքին ստորին բիլթը հեռացուած է՝ տեսանիւթով օժանդակուած արհեստագիտութեան միջոցով», նշուած է յայտարարութեան մէջ։
Լեւոն ԺԴ. Պապ բնականոն կերպով արթնցած է եւ կարճատեւ բժշկական քննութենէ ետք փոխադրուած է իր հիւանդասենեակը։