image

Հասանով. «Միշտ պատրաստ եղէք»

Հասանով. «Միշտ պատրաստ եղէք»

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով հրամանատարներու եւ շտաբի պետերու հետ հանդիպման ընթացքին յանձնարարած է որեւէ պահի պատրաստ ըլլալ օգտագործելու ժամանակակից սպառազինութիւնը, թեքնիք եւ այլ զինատեսակները: «Ապա» գործակալութեան հաղորդմամբ` այս մասին ըսուած է Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ժամանակ:

Նախարարը համապատասխան պաշտօնեաներուն յանձնարարած է յատուկ ուշադրութիւն դարձնել բարձր լեռնային շրջաններուն մէջ մարտական հերթապահութիւն իրականացնող ստորաբաժանումներու նիւթատեխնիկական եւ ճարտարապետական ապահովուածութեան, ինչպէս նաեւ ուժեղացնել անձնակազմի  բարոյահոգեբանական պատրաստուածութիւնը: