image

ՀԱՊԿ Գլխաւոր քարտուղարը Արցախի եւ սահմանային վիճակին մասին յայտարարութիւն ըրաւ

ՀԱՊԿ Գլխաւոր քարտուղարը Արցախի եւ սահմանային վիճակին մասին յայտարարութիւն ըրաւ

Իրավիճակը Հարաւային Կովկասի մէջ բարդ ու պայթունավտանգ է։ Իսկ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ հայ-ատրպէյճանական սահմանին տիրող իրավիճակի հետ կապուած վտանգները արդիական են։

Ըսած է ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Իմանկալի Թասմակամպեթովը։

«Ի հարկէ, ոչ ոք կը պատրաստուի հայ դաշնակիցներուն պարտադրել այս կամ այն որոշումը Ատրպէյճանի հետ հակամարտութեան կամ Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ։ Բայց եթէ ՀԱՊԿ-ը ժամանակին ունենար տեղեկատուական-վերլուծական կեդրոն, եթէ այս կեդրոնի մասնագէտներն աշխուժօրէն հետեւէին, այսպէս ըսած, նախապատերազմական իրավիճակին, որոշ իրադարձութիւններու հնարաւոր զարգացումը պատկերացնէին՝ հաշուի առնելով տարբեր գործօններ, թերեւս պաշտօնական Երեւանը աւելի պատրաստուած ըլլար եւ որոշ հանգամանքներու պարագային գործէր իր համար աւելի մեծ օգուտով»,-նշած է ան։