Իրանի Հորմուզի նեղուցի վերահսկողութեան վարչութիւնը (PGSA) հերքած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի այն յայտարարութիւնը, որ Միացեալ Նահանգները լիակատար վերահսկողութիւն ունի Հորմուզի նեղուցին նկատմամբ։
«Միացեալ Նահանգներու պաշտօնատար անձերու յայտարարութիւններն ու բազմիցս հնչող հաղորդագրութիւնները, թէ Հորմուզի նեղուցն այլեւս շրջափակուած չէ, չեն փոխեր իրականութիւնը. Հորմուզի նեղուցը կը մնայ փակ եւ պիտի չվերաբացուի, մինչեւ Իրանի պայմանները չընդունուին»,– ըսուած է PGSA-ի՝ X-ի վրայ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ։
Միացեալ Նահանգներու նախագահը վերջին օրերուն քանիցս յայտարարած է, որ Հորմուզի նեղուցը ամերիկացիներու լիակատար վերահսկողութեան տակ կը գտնուի։
«Միացեալ Նահանգները լիովին կը վերահսկէ Հորմուզի նեղուցը։ Կը կարծեմ՝ մենք զայն պիտի պահպանենք։ Եւ Իրանը ոչինչ կրնայ ընել այդ հարցով»,– Օգոստոս 12-ին գրած էր Թրամփը Truth Social-ի իր էջին վրայ։
Մինչդեռ, Երեքշաբթի՝ Օգոստոս 11-ին, Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Մոհսէն Ռեզային յայտարարած էր, որ Հորմուզի նեղուցը փակ պիտի մնայ այնքան ատեն, որքան Միացեալ Նահանգները չփոխէ իր վարքագիծը։