Հալէպի մէջ, օրերս, տեղի ունեցած է հայ երեք համայնքապետներու հերթական հանդիպումը, որու ընթացքին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեան, Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան եւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան քննարկած են երկրի վերջին ժամանակներու զարգացումները, առկայ դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝
Երկուշաբթի, 3 Նոյեմբեր 2025-ի առաւօտուն, հայ երեք համայնքապետներ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան եւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, հանդիպում ունեցան Առաջնորդ Սրբազան Հօր հիւրընկալութեամբ, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս:
Հանդիպումին համայնքապետները անդրադարձ կատարեցին երկրի վերջին ժամանակներու զարգացումներուն, առկայ դժուարութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն։ Անոնք աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած, յուսալով, որ առկայ դժուարութիւնները շուտով կը վերանան եւ երկիրը իր զարգացումի ընթացքին մէջ յաջողութիւն կը գտնէ։
Համայնքապետները իմաստութիւն, ուժ եւ կորով մաղթեցին երկրի ղեկավարներուն եւ համբերութիւն, յարատեւելու ու տոկալու ոգի՝ սիրեցեալ ժողովուրդին։