Հալէպի վարժարաններուն ու նաեւ կրթական ողջ համակարգին հետ մշտական կապերը արդիւնաւէտ դարձնելու նպատակով Թեմի ժրաջան առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մակար արք. Աշքարեան կը շարունակէ իր բազմաբովանդակ հանդիպումները։
Օրերս սրբազան հայրը հիւրընկալած է Հալէպի Ազգ. Միացեալ Վարժարանը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Թեմի պաշտօնական էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է ՝
Ուրբաթ, 12 Ապրիլ 2024-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս հիւրընկալեց Ազգ. Միացեալ Վարժարանի հոգաբարձութիւնը եւ Ազգ. Միացեալ Նախակրթարանի տնօրէնուհի տիկ. Նայիրի Քէօշկէրեան-Բանոյեան։
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Ազգ. Վարչութեան անդամ տիար Վաչէ Ճուհարեան։
Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին, Ազգ. Միացեալ վարժարանի հոգաբարձութիւնն ու տնօրէնուհին շնորհաւորեցին Սրբազան Հայրը՝ Արքութեան տիտղոս ստանալուն առիթով եւ քաջառողջութեան ու օրհնաբեր ծառայութեան բարեմաղթութիւններ փոխանցելով Սրբազան Հօր, անոր նուիրեցին արծաթեայ խաչ մը։
Ջերմ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին, հոգաբարձութիւնն ու տնօրէնուհին խնդրեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր հովանաւորութիւնը՝ յառաջիկայ ամիսներուն տեղի ունենալիք նախակրթարանի եւ մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսներուն։
Սրբազան Հայրը իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով, գնահատեց հոգաբարձութեան եւ տնօրէնութեան աչալուրջ աշխատանքը եւ մաղթեց, որ յաջողութեամբ ի կատար ածեն ուսումնական տարեշրջանը