image
Հրատապ լուրեր:

Պոլիս. Սահակ Բ. Պատրիարք եւ Կղզեաց գաւառապետը այցելեցին Նաւասարդեան խաղերու մասնակիցներուն

Պոլիս. Սահակ Բ. Պատրիարք եւ Կղզեաց գաւառապետը այցելեցին Նաւասարդեան խաղերու մասնակիցներուն

Զրոյցի աւարտին մեր Հոգեւոր Պետն ու Գաւառապետըկ այցելեցին խաղավայրերը եւ մարզիկներուն հետ զրուցեցին ու իրենց բարեմաղթութիւնները փոխանցեցին։ Խաղերուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ Թաքսիմի եւ Շիշլիի Մարմնամարզական միութիւնները։

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանի պաշտօնական էջէն կը կարդանք ՝

Գնալը Կղզիի մէջ, 21 Օգոստոս 2026, Ուրբաթ, սկիզբ առին Նաւասարդեան Խաղերը, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հրամանաւ ու օրհնութեամբ եւ գլխաւոր օժանդակութեամբ՝ Երիտասարդութեան եւ Մարմնամարզութեան Նախարարութեան։

Բացման արարողութիւնը պատուեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, իր հետն ունենալով Իշխանաց Կղզեաց Քարոզիչ եւ Հոգեւոր Հովիւ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանը։ Խաղերու բացման օրուան առթիւ, Գնալը Կղզիի Լողաւազանը այցելեց նաեւ Կղզեաց նորակոչ գաւառապետ Ուղուր Պուլութ։ Ներկայ էին Հանրապետութեան Նախագահի Մշակութային խորհրդականներէն Արամ Քուրան, Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Թաղային Խորհուրդի Բ. Ատենապետ Խաչիկ Ճանէլ, Թաքսիմ Մարմնամարզական Միութեան Ատենապետ Ալէն Պաղ, Փրօֆ. Տթք. Էմրէ Պուչքինի նախագահած Լողավազանի Վարչութեան անդամները, Գնալը Կղզիի Թաղապետ Էրտալ Այտըն, Կղզեաց քաղաքապետարանէն Թանայ Կարիփ, այլ նաեւ խաղերու կազմակերպութեան պատասխանատուներէն Յարութիւն Քուրան։

Պատրիարք Հայրն ու Գաւառապետը լողաւազանի վարչական կեդրոնին մէջ հիւրասիրուեցան վարչութեան կողմէ, որուն ընթացքին Պատրիարք Հայրը բարեմաղթութիւնները փոխանցեց Գաւառապետին իր նոր պաշտօնին մէջ։ Զրոյցի աւարտին մեր Հոգեւոր Պետն ու Գաւառապետըկ այցելեցին խաղավայրերը եւ մարզիկներուն հետ զրուցեցին ու իրենց բարեմաղթութիւնները փոխանցեցին։ Խաղերուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ Թաքսիմի եւ Շիշլիի Մարմնամարզական միութիւնները։

Խաղերուն, որպէս օգնական իրենց կամաւոր մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ համայնքիս բազմաթիւ երիտասարդները։ Նշենք, թէ խաղերը կը շարունակուին մինչեւ Կիրակի եւ բացի խաղերէ մանկանց համար պատրաստուած են խաղավայրեր։ Իսկ փակումը կը կատարուի Կիրակի, համայնքային հաստատութիւններէ եւ պաշտօնական մարմիններէ հիւրերու եւս մասնակցութեամբ։