image

Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. այցելեց Ուոթըրթաունի Ս. Ստեփանոս եկեղեցի եւ օրհնեց երիտասարդներու ու կամաւորներու ծառայութիւնը

Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. այցելեց Ուոթըրթաունի Ս. Ստեփանոս եկեղեցի եւ օրհնեց երիտասարդներու ու կամաւորներու ծառայութիւնը

Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց Հայր Սուրբին գլխաւորութեամբ ժրաջան կերպով աշխատող բոլոր կամաւորները և մաղթեց որ ամենայն յաջողութեամբ պսակուի իրենց զոհողութիւնը։

ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի  պաշտօնական էջէն կը կարդանք ՝

Ուրբաթ, 7 Օգոստոսին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, այցելեց Ս. Ստեփանոս եկեղեցի (Ուոթըրթաուն, Մէսէչուսէթս), ուր դիմաւորուեցաւ հոգեւոր հովիւ՝ ԳԵրպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեանի կողմէ։ Անոնք նախ միացան խումբ մը երիտասարդներու որոնք վերամուտի առթիւ յատուկ պահարաններ կը պատրաստէին համալսարանական ուսանողներու, ներփակելով աղօթքներու և օգտակար գիտելիքներու տրցակ մը: Այնուհետև անոնք այցելեցին խոհանոց, ուր Հոգաբարձութիւնը և կամաւորներ կը պատրաստէին համադամ ճաշեր Կիրակի օրուան դաշտագնացութեան համար:

Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց Հայր Սուրբին գլխաւորութեամբ ժրաջան կերպով աշխատող բոլոր կամաւորները և մաղթեց որ ամենայն յաջողութեամբ պսակուի իրենց զոհողութիւնը: