Հալէպահայ գրող եւ բանաստեղծ Տիգրան Գաբոյեանի հրապարակախօսական նիւթերը այսուհետեւ լոյս պիտի տեսնեն նաեւ «Արեւելք» կայքի հարթակներով։
Նշենք, որ «Արմէնբրէս» գործակալութեան արաբական բաժնի պատասխանատու մեր հայրենակիցը վերջին ամիսներուն սկսաւ հրապարակախօսական նիւթերով հանդէս գալ Պոլսոյ՝ «Ժամանակ» պարբերականին մէջ ու պատեհ համարեցինք այդ նիւթերը հրապարակել նաեւ մեր էջերով, անշուշտ յղում տալով մեր ազնիւ բարեկամ՝ Արա Գոչունեանի «Ժամանակ» օրաթերթին։
Բարի երթ մեր թանկագին բարեկամումներուն։