 
                    Բարձր հովանաւորութեամբ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ համայնքապետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի օրերս տեղի ունեցած է Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Երիտասարդացի վերանորոգման հաւաք։
Եղելութեան մասին «Արեւելք» իմացաւ Հայ Աւետարանական «Փէթէլ» եկեղեցւոյ պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը՝
Ուրբաթ, 24 Հոկտեմբեր 2025-ին, Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու երիտասարդները համախմբուեցան վերանորոգման հաւաքի մը շուրջ, կազմակերպուած Սուրիոյ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու Քրիստոնէական Ջանից Ընկերակցութեան Գործադիր Մարմինի կողմէ։
Ծրագիրը կ'ընդգրկէր պաշտամունք, հոգեւոր երգեր, աղօթք, աստուածաշնչական ուսումնասիրութիւն եւ խմբային խաղեր՝ ստեղծելով հոգեհարազատ եւ ուրախ մթնոլորտ։
Աստուածաշնչական ուսումնասիրութիւնը «Կարգապահութիւն եւ Տարբերութիւն՝ Քրիստոնէական Կեանքի Կոչումին մէջ» նիւթով ներկայացուց Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան։ Պաշտամունքի առաջնորդութիւնը կատարեց Պատուելի Սիմոն Տէր Սահակեան, իսկ խաղերն ու համախմբող պահերը վարեց Օրդ. Շողեր Գերպապեան։
Երեկոն եզրափակուեցաւ համատեղ ընթրիքով եւ գոհաբանական աղօթքով։
Այնուհետեւ Ք.Ջ. Գործադիր Մարմինի ատենապետ Տիկ. Սեւան Քէլէշեան - Տէր Սահակեան, երախտագիտութիւն յայտնեց պատգամաբերին, կազմակերպիչներուն եւ բոլոր մասնակիցներուն։
Հաւաքին նաեւ նշուեցաւ ԺԲ. կարգէն շրջանաւարտներ՝ Գէորգ Քասիսի եւ Աննա Պոյաճեանի ձեռք բերած փայլուն յաջողութիւնը։

