image

Հալէպ. Հայ երեք համայնքապետներու հանդիպումը

Հալէպ. Հայ երեք համայնքապետներու հանդիպումը

Բերիոյ  Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի էջէն կը կարդանք՝ 

Երեքշաբթի, 29 Սեպտեմբեր 2026-ի առաւօտուն, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի հիւրընկալութեամբ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան եւ Վերապատուելի համայնքապետը հանդիպում ունեցան Հայ Աւետարանական համայնքապետարանէն ներս: 

Համագործակցութեան ոգիով համայնքապետները արծարծեցին ներկայ իրավիճակին առնչուող զանազան հարցեր եւ անդրադարձան յառաջիկայ ծրագիրներուն։