Հալէպի մէջ, «Ս. Ներսէս Շնորհալի» կեդրոնէն ներս, օրերս ընթացք առած է երիտասարդական հաւաքի ծրագիր մը, հովանաւորութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝
Հինգշաբթի, 2 Հոկտեմբեր 2025-ին, հովանաւորութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, գլխաւորութեամբ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեանի, երիտասարդական հաւաքի ծրագիրը ընթացք առաւ, «Ս. Ներսէս Շնորհալի» կեդրոնէն ներս։
Անդրանիկ հաւաքին, քահանայ հայրը երիտասարդները ծանօթացուց հաւաքի ծրագիրին, Աստուածաշունչէն քաղուած նիւթեր ներկայացուց, ապա անդրադարձաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր վերջին հրատարակած գիրքերուն, որոնցմէ մասնակիցները օրինակներ ստացան։
Տիար Ռաֆֆի Միրզա ծանօթացման խաղեր կատարեց։ Ապա, երիտասարդները միասնաբար հոգեւոր երգեր երգեցին։
Կարծիքներու փոխանակումի եւ բարձրաձայն խորհրդածութեան գեղեցիկ առիթ հանդիսացաւ յիշեալ ծրագիրը։
Երիտասարդական յաջորդական հաւաքներ տեղի պիտի ունենան երկշաբաթական դրութեամբ։ Հաւաքներուն կրնան մասնակցիլ 18-30 տարեկան երիտասարդներ։