image

Հալածանքը կը շարունակուի. Նոր թիրախը՝ ՀՅԴ երիտասարդականն է. ՀՅԴ

Հալածանքը կը շարունակուի. Նոր թիրախը՝ ՀՅԴ երիտասարդականն է. ՀՅԴ

ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէն յայտարարութեամբ հանդէս եկած է ՀՅԴ Հոլանտայի երիտասարդական միութեան անդամ Սիւնէ Աբրահամեանի մուտքը Հայաստան արգիլելու վերաբերեալ՝ նշելով, որ հալածանքը կը շարունակուի, նոր թիրախը՝ ՀՅԴ Երիտասարդականն է։

Յայտարարութիւնը ամբողջութեամբ կը ներկայացնենք ստորեւ.-

«Հերթը հասաւ երիտասարդականին…

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի՝ Հայաստան մուտքի արգելակումէն երկու շաբաթ ետք, այս անգամ, դարձեալ առանց բացատրութեան, ժամեր Երեւանի օդակայանին մէջ պահելէ ետք, Հայաստան մուտքը արգիլուեցաւ ՀՅԴ Հոլանտայի Գարեգին Նժդեհ երիտասարդական Միութեան անդամ Սիւնէ Աբրահամեանի, որ ինչպէս բազմաթիւ անգամներ, կրկին Հայրենիք կը մեկնէր ազգային պարտականութեամբ: Ան Սիւնիքի մէջ պիտի մասնակցէր ՀՅԴ երիտասարդական միութիւններու կողմէ կազմակերպուող բանակումներուն, որոնք ազգային դաստիարակութեան հարազատ միջավայրեր կը հանդիսանան նոր սերունդին համար:

Ապազգային իշխանութիւններուն ազգադաւ այս վարքագիծը կը մերժենք ըստ ամենայնի եւ կը պահանջենք Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւններէն՝ տէր մնալ իրենց կոչումին եւ դադրիլ մասնակից դառնալու նման անհիմն ու ազգը պառակտող որոշումներու, որոնց պատասխանը պիտի տրուի անպայման:

 

Այսու կը յայտնենք, որ փաշինեանական ապազգային բռնատիրական քլանը խաբկանքը պէտք չէ ունենայ, որ նման սին ու փոքրոգի իբրեւ թէ ճնշամիջոցներով ու արգելքներով կրնայ դաշնակցական երիտասարդութեան պայքարի ոգին կոտրել: Ընդհակառակն, Դաշնակցութեան շարքերն ու երիտասարդական մեր միաւորները առաւել մեծ թափով պիտի շարունակեն փտած այս վարչախումբը հեռացնելու պայքարը, ի խնդիր ժողովրդավար, զարգացած, արդիական, իրաւական պետութեան վերակառուցման:

 

ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէ
31 Յուլիս 2022

Փարիզ»