image

Կայ պայմանաւորուածութիւն, որ սահմանազատման գործընթացը պիտի շարունակուի. Խուդաթեան

Կայ պայմանաւորուածութիւն, որ սահմանազատման գործընթացը պիտի շարունակուի. Խուդաթեան

Նախաստորագրումն առաւել քան կարեւոր գործընթաց է, մասնաւորապէս՝ այդպիսի ներկայացուցչական կազմով: Այն առանցքային կարեւորութիւն ունի ՀՀ-ի մէջ յարատեւ խաղաղութեան եւ, հետեւաբար, ՀՀ պետականութեան, ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան յարատեւութեան համար: Այդ մասին լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին ըսած է Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Դաւիթ Խուդաթեանը:

Ինչ կը վերաբերի ՀՀ տարածքին մէջ Ատրպէյճանի բռնագրաւուած տարածքներու վերադարձին, ապա նախարարը նշած է հետեւեալը.

«Մենք վստահ ենք, որ սահմանազատման պրոցեսի արդիւնքում խնդիրները կը լուծուեն: Յստակ ձեւակերպուել են սահմանազատման պրոցեսը եւ տրամաբանութիւնը, որն արդէն իրականացուել է Կիրանցում, եւ նախորդիւ իրականացուած սահմանազատման պրոցեսը մեզ վստահութիւն է տալիս, որ այդ պրոցեսը շարունակական է լինելու: 

Կայ պայմանաւորուածութիւն, որ սահմանազատման պրոցեսը շարունակուելու է: Եւ ես հաւատում եմ, որ այն խնդիրները, որոնք հասցէագրուելու են սահմանազատման գործընթացին, իրենց լուծումն են ստանալու խաղաղ ճանապարհով սահմանազատման գործիքի կիառմամբ:

Մենք սկսել ենք խաղաղութեան պրոցես, որի ընթացքում բոլոր խնդիրները լուծուելու են»,-ըսած է Դաւիթ Խուդաթեանը: