Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատմութեան մէջ իր բարերարական ու ազգանուէր հնչեղութեամբ առանձնացող նոր իրադարձութիւն մը արձանագրուեցաւ օրերս։ Հայ ժողովուրդի հոգեւոր կեդրոններէն մէկուն նկատմամբ ցուցաբերուած այս բարձրարժէք նուիրատուութիւնը անգամ մը եւս կը վկայէ սփիւռքահայ ընտանիքներու անխախտ կապն ու նուիրումը ազգային-եկեղեցական հաստատութիւններուն։
«Արեւելք» այս արժէքաւոր նախաձեռնութեան մասին տեղեկացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պաշտօնական լուրերը տարածող «Կիլիկիա» հարթակէն։
Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւն
Խոր գոհունակութեամբ կը յայտնենք, թէ Յարութ, Յասմիկ եւ Հուրի Սողոմոնեաններ, ի յիշատակ իրենց եղբօր` ազգային բարերար Հրայր Սողոմոնեանի, 1.300.000 (մէկ միլիոն երեք հարիւր հազար) ամերիկեան տոլար նուիրեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան:
Վերոնշեալ գումարին մէկ միլիոն տոլարը անցեալ տարի փոխանցուեցաւ կաթողիկոսարան` յարգելով հանգուցեալ Հրայրի կտակը, իսկ երեք հարիւր հազար տոլարը` վերջերս, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ կատարած այցելութեան առիթով: Վերոյիշեալ երկու գումարները մաս պիտի կազմեն կաթողիկոսարանի հիմնադրամներու շարքին` իբրեւ «Հրայր Սողոմոնեան դպրեվանքի հիմնադրամ»:
Վեհափառ հայրապետը իր օրհնութիւնը եւ բարձր գնահատանքը կը յայտնէ հանգուցեալի ընտանեկան պարագաներուն, եւ կ՛աղօթէ առ բարձրեալն Աստուած, որ հանգուցեալ Հրայր Սողոմոնեանի հոգին ընդունի երկնային թագաւորութեան մէջ: