image

Հակառակ հրադադարին՝ Իսրայէլեան ուժերը հարուածած են Լիբանանի հարաւը

Հակառակ հրադադարին՝  Իսրայէլեան ուժերը  հարուածած   են Լիբանանի հարաւը

Իսրայէլի զինուած ուժերը յայտարարած են, որ վերջին ժամերուն հարուածած են Լիբանանի հարաւին մէջ «Հըզպալլա»-ի քանի մը տասնեակ կեդրոններ, ներառեալ զէնքի ստորգետնեայ պահեստներ եւ հրթիռային կայանքներ։

Հակառակ Իսրայէլ-Լիբանան բանակցութիւններուն եւ յայտարարուած հրադադարին՝ ՑԱՀԱԼ-ն ու «Հըզպալլա»-ն պարբերաբար կը յայտնեն փոխադարձ հարուածներու մասին։ Մայիս 8-ին հրէական պետութեան բանակը կոչ ուղղած էր Լիբանանի հարաւային քանի մը քաղաքներու եւ գիւղերու բնակիչներուն՝ տարհանուելու։ ՑԱՀԱԼ-ի տուեալներով՝ այդ տարածքներուն մէջ կան «Հըզպալլա»-ի ներկայացուցիչներ, որոնց դէմ Իսրայէլ մտադիր է ռազմական գործողութիւններ իրականացնել։

Իսրայէլի ուժերը կը շարունակեն ռազմական գործողութիւնները նաեւ Կազայի հատուածին մէջ։