Օրերս Գիւմրիի մէջ իր մահականցուն կնքած է Գիւմրեցի կրթական մշակ եւ յատկապէս ֆրանսախօսութեան ջատագով համարուող ՝ Մարտին Փաշայեան։
Այս մասին տեղեկութիւնը «Արեւելք» քաղեց Փարիզի «Նոր Յառաջ»էն։
Աղբիւրը մասնաւորապէս մէջբերած է ՀՀ-ի մէջ Ֆրանսայի դեսպան՝ Ժոնաթան Լաքոթի գրառումը այս մասին,ուր ան գրած է ՝
«Այս իրիկուն (Մարտ 25-ին - «ՆՅ»), կը բաժնեմ իմ մեծ տխրութիւնը, յայտարարելով՝ ֆրանսերէնի ուսուցիչ, Գիւմրիի նախկին թիւ 10 դպրոցի տնօրէն Մարտին Փաշայեանի մահը։
1988 Դեկտեմբեր 7-ի երկրաշարժին՝ իր ընտանիքին եւ իր դպրոցի աշակերներուն կորստեան ականատես ըլլալէ ետք՝ Մարտին Փաշայեան ցուցաբերած էր կամքի անհաւատալի ուժ, հիմնելով նոր ընտանիք եւ վերակառուցել տալով Գիւմրիի մէջ ֆրանսերէնի դասաւանդման իսկական օճախ մը դարձած կրթական իր հաստատութիւնը: Փաշայեանի արտակարգ պատմութիւնը սքանչելի կերպով ցոլացուած է Փասքալ Մակէսեանի անոր ձօնած՝ « Martin de Gumri » («Գիւմրիի Մարտինը») գրքին մէջ։
Ան իր կեանքը նուիրեց իր երկրին, իր քաղաքին, ֆրաներէնին եւ Ֆրանսայի հետ փոխանակումներուն:
2020 Մայիս 15-ին ես պատիւն ունեցայ անոր յանձնելու Ակադեմական արմաւենիներու ասպետի շքանշանը։
Մենք ծրագրած էինք զինք կրկին տեսնել գալ շաբաթ եւ Գիւմրիի մէջ անոր շուրջ համախմբել Ֆրանսախօսութեան բոլոր դերակատարները:
Իմ ամէնէն անկեղծ ցաւակցութիւնները կը յայտնեմ անոր կնոջ, զաւակներուն, հարազատներուն եւ անոր նախկին բոլոր աշակերտներուն, որոնք իրմէ պահպանած են սիրալիր յիշատակ մը»: