image

Գիւմրիի լքուած նորածինը խնամակալներու յանձնուած է

Գիւմրիի լքուած նորածինը խնամակալներու յանձնուած է

Գիւմրիի «Աւտոկայան» թաղամասին մէջ լքուած նորածինը 15 Յուլիսին, հիւանդանոցէն դուրս գրուած եւ յանձնուած է խնամակալ ընտանիքի։ Այս մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ յայտնած է Գիւմրիի քաղաքապետարանի խնամակալութեան եւ հոգաբարձութեան յանձնաժողովի նախագահ Էտուարտ Բաղրամեանը։

«Յաջորդ քայլն արդէն որդեգրումն է։ Եթէ ընտանիքը ցանկութիւն ունենայ կարող է երեխային որդեգրել կամ էլ կարող է ամբողջ կեանքում որպէս խնամակալ մնալ»,- նշած է ան։

Էտուարտ Բաղրամեանի խօսքով՝ պաշտօնապէս համայնքապետարանին երեխայի խնամակալութեան համար երկու ընտանիք դիմած է, սակայն մինչեւ երէկ ալ երեխայի ճակատագրով հետաքրքրուող շատ մարդիկ զանգահարած են։

«Երեխային խնամակալ ընտանիքին յանձնելիս յանձնաժողովը մանրակրկիտ ուսումնասիրութիւններ է կատարել եւ հաշուի է առել ընտանիքի սոցիալական (ընկերային) վիճակը, ծնողների կարգավիճակը, նրանց շփումը երեխայի հետ եւ շատ այլ հանգամանքներ։ Սա էր պատճառը, որ գործընթացը ձգձգուում էր»,- ըսած է Էտուարտ Բաղրամեանը։

Հարցին, թէ ինչ կ'ըլլայ եթէ երեխայի մայրը գտնուի, Բաղրամեանն ընդգծած է, որ այս պահուն հնարաւոր չէ կանխատեսումներ ընել, քանի որ ամէն ինչ կախուած յարուցուած քրէական գործի ընթացքէն։

«Կապուած է մօր պատժելիութեան հարցից։ Նա կարող է մայրը հրաժարուել երեխայի խնամքից կամ հակառակը՝ ցանկութիւն յայտնի նրան վերադարձնելու»,- նշած է Էտուարտ Բաղրամեանը։

Էտուարտ Բաղրամեանը աւելցուցած է, որ երեխան արդէն անուն ունի, սակայն յանձնաժողովն այս պահուն կը պահպանէ գաղտնիութիւնը։

Յիշեցնենք, որ 3 Յուլիսի առաւօտեան Գիւմրիի Շահումեան փողոցի՝ ինքնաշարժի կայանի մերձակայքը, յայտնաբերուած էր տղայ նորածին։

 

Նորածինը լքելու փաստով յարուցուած է քրէական գործ: