Շուտով Գիւմրիի մէջ կը կատարուի Շիրակի նախկին նահանգապետ, բանասէր, արձակագիր, խմբագիր, իրաւաբան, ուսուցիչ եւ հասարակական գործիչ, Հայաստանի Ա. հանրապետութեան խորհդարանի անդամ, «Բագին» գրական հանդէսի հիմնադիր եւ խմբագրապետ Կարօ Սասունիի արձանի պաշտօնական բացումը։
Արձանը արդէն տեղադրուած է քաղաքի Պռօշեան եւ Գարեգին Նժդեհ փողոցներու խաչմերուկին՝ Գիւմրիի Համայնքապետարանի, «Կումայրի» պատմամշակութային արգելոց-թանգարանի եւ վերջինիս մասնաճիւղ հանդիսացող Քանդակագործութեան ազգային թանգարանի համատեղ ջանքերով։ «Կումայրի» պատմամշակութային արգելոց-թանգարանը լուր հաղորդելով նաեւ կը տեղեկացնէ, որ արձանի քանդակագործն է Միսակ Մելքոնեանը, իսկ թանգարանն իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէ նախաձեռնութեան իրականացման մէջ ներդրում ունեցած բոլոր բարերարներուն եւ աջակիցներուն՝ տեղեկացնելով, որ բացման պաշտօնական օրը պիտի յայտարարուի յառաջիկային։
Նաեւ երախտագիտութիւն կը յայտնուի Գիւմրիի Համայնքապետարանին, բարերարներուն՝ «Զօրավար Սեպուհ» պատմաքաղաքական վերլուծական կեդրոնի նախագահ Աշոտ Ներսիսեանին, Կարօ Սասունիի ժառանգներուն, Իւան Արտալճեանին, քանդակագործ Յովհաննէս Պապոյանին, ճարտարապետ Յովիկ Ղազարեանին, ինչպէս նաեւ բոլոր այն աջակիցներուն, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերած են այս կարեւոր նախաձեռնութեան իրականացման։
Այս յուշարձանը յարգանքի եւ յիշատակի տուրք է հասարակական-քաղաքական գործիչ, իրաւաբան, պատմաբան եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան անդամ Կարօ Սասունիին, որ ծնած է 15 Յուլիս 1889 թուականին՝ Սասնոյ Խուբ գաւառակի Ահարոնք գիւղը, Մամիկոնեաններու իշխանական տոհմէն սերած Ղազարի եւ Հերոսուհի Աննայի՝ հանրութեան կողմէ ճանչցուած Աննա Մայրիկի ընտանիքին մէջ։ Ան Ղազարի ութ զաւակներէն վեցերորդն էր։
1901 թուականին աւարտած է Մուշի Մխիթարեան վարժարանը, իսկ նոյն տարուան աշնանէն սկսեալ ուսումը շարունակած է Մշոյ Մուրատ-Մխիթարեան վարժարանին մէջ, որ այդ շրջանին միակ միջնակարգ ուսումնական հաստատութիւնն էր։ Կարօ Սասունի Մխիթարեան վարժարանին մէջ ուսանած է հինգ տարի՝ մինչեւ 1906 թուականը, աչքի զարնելով իր ուսումնատենչութեամբ եւ բացառիկ ընդունակութիւններով։
1912 թուականին ան աւարտած է Պոլսոյ Համալսարանի իրաւաբանական բաժանմունքը, որմէ ետք գործակած է Տարօն։ Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն եղած է Հայկական կամաւորական շարժման գործուն մասնակից։ 1916 թուականին, երբ ռուսական զօրքերը գրաւած են Մուշը, Կարօ Սասունի Տարօնի մէջ նշանակուած է ընդհանուր կառավարիչ եւ ռազմական խորհրդական։ Ռուսական զօրքերու նահանջի ընթացքին ան կրցած է փրկել բազմաթիւ գաղթականներ եւ կազմակերպել անոնց անցումը Արեւելեան Հայաստան։
1920 թուականի Մայիսին նշանակուած է Ալեքսանդրապոլի նահանգապետ եւ մասնակցած տեղւոյն մայիսեան խռովութեան ճնշման։ Նոյն ժամանակաշրջանին ընտրուած է Հայաստանի խորհրդարանի անդամ։
1921 թուականի փետրուարեան ապստամբութեան ղեկավար դէմքերէն մէկը եղած է։ Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէի կազմին մէջ ստանձնած է ներքին գործերու նախարարի պաշտօնը։ Պոլշեւիկներու կողմէ Երեւանի վերագրաւումէն ետք անցած է արտասահման՝ նախ Փարիզ, ապա Պէյրութ, ուր զբաղած է ստեղծագործական եւ հրատարակչական գործունէութեամբ։
Պէյրութի մէջ, 1962-1974 թուականներուն, Կարօ Սասունի եղած է «Բագին» գրական-գեղարուեստական ամսագիրի վարիչ-խմբագիրը։ Ան ուսումնասիրած է Հայ ազգային-ազատագրական շարժման, Հայոց ցեղասպանութեան եւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան պատմութեան հիմնահարցերը՝ այդ հիմքով հեղինակելով շարք մը արժէքաւոր պատմագիտական ուսումնասիրութիւններ եւ գեղարուեստական երկեր։
Կարօ Սասունի մահացած է 1977 թուականին, Պէյրութի մէջ։
Գրական իր առաջին երկը՝ «Լեռներու խորհուրդը» հրատարակուած է 1934-ին։ Ունի նաեւ բազմաթիւ աշխատութիւններ՝ բանասիրական-գրապատմական եւ պատմաքաղաքական, լոյս տեսած մամուլի մէջ, որոնք հետագային մասամբ միայն հրատարակուած են հատորով։

.jpeg)

.jpeg)

.jpeg)

.jpeg)

.jpeg)
.jpeg)

.jpeg)
