image
Հրատապ լուրեր:

Գերմանիան դէմ է Ռուսիոյ G8 վերադարձին. Մերց

Գերմանիան դէմ է Ռուսիոյ G8 վերադարձին. Մերց

Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերցը կտրականապէս դէմ արտայայտուած է Ռուսիոյ վերադարձին Մեծ ութնեակ, ինչպէս նախատեսուած էր Ուքրանիոյ համար առաջաջադրուած Միացեալ Նահանգներու խաղաղութեան ծրագրին մէջ, հաղորդած է DW-ն։

«Այս պահուն ես չեմ տեսներ որեւէ պատրաստակամութիւն G7-ի վեց անդամներու շարքէն, որոնք Ամերիկայի մաս չեն կազմեր, Ռուսիան այդ խումբին մէջ վերընդունելու համար», -ըսած է Մերցը կիրակի՝ նոյեմբեր 23-ին, Եոհաննեսպուրկի մէջ G20-ի գագաթնաժողովի աւարտէն ետք կայացած մամուլի ասուլիսին։

Մերցը նշած է, որ G8 ձեւաչափին վերադառնալու վերաբերեալ համաձայնութիւնը կրնայ ձեռք բերուիլ միայն համաձայնութեան հիման վրայ։

DW-ն նշած է, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը նախորդ օր նմանատիպ տեսակէտ յայտնած էր։ Ան նաեւ յայտարարած է, որ Ռուսիոյ՝ G8-ին վերամիաւորման համար որեւէ նախապայման չկայ։

Ռուսիան «Մեծ ութնեակ»էն հեռացուած է 2014 թուականի յունիսին՝ ի պատասխան Խրիմի բռնագրաւման։ Այդ ժամանակ «Մեծ ութնեակ»ի գագաթնաժողովը պէտք է տեղի ունենար Սոչիի մէջ, սակայն միւս եօթ երկիրներու առաջնորդները հրաժարած են մասնակցիլ։

G7-ը ներկայիս բաղկացած է Միացեալ Նահանգներէն, Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն, Միացեալ Թագաւորութենէն, Իտալիայէն, Գանատայէն եւ Ճափոնէն։ Խումբը կը համարուի ամենազարգացած տնտեսութիւններ ունեցող երկիրներու ակումբ։