Ռուսաստանի զինուած ուժերու Հարաւային ռազմական ստորաբաժանումի հրամանատարի տեղակալ Ռուսթամ Մուրատով յայտարարած է, որ Ղարաբաղեան պատերազմի հետեւանքով Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիները վերադարձնելու հարցին մէջ կայ դրական ըմբռնում:
«Այսօրուայ դրութեամբ ատրպէյճանական կողմի բոլոր զինուորները վերադարձուած են, իսկ հայ ռազմագերիներու վերադարձի գործընթացը կը շարունակուի, առկայ է դրական ըմբռնում: Կը կարծեմ, որ այդ հարցը պէտք է ամբողջութեամբ փակուի: ՌԴ խաղաղապահները գործը աւարտին պիտի հասցնեն», ըսած է Մուրատովը:
Ան նշած է, որ գերիները վերադարձնելու աշխատանքը կը գնահատուի որպէս խաղաղապահներու պարտք:
«Որպէս զինուորական, ես կը հասկնամ, թէ ովքեր են ռազմագերիները, ինչ զգացողութիւններ անոնք ունեցած են: Ես կը յիշեմ առաջին թռիչքը դէպի Պաքու, երբ գերիները կը վերադարձնէինք Երեւան: Ինքնաթիռը վայրէջք կատարեց Երեւանի մէջ ու տեսանք արցունքներ: Անոնք չէին հաւատար, որ վերադարձած են տուն», պատմած է Մուրատովը: