image

Գարնան վերջին օրը տեղումներ պիտի չըլլան,եղանակը պիտի տաքնայ

Գարնան վերջին օրը տեղումներ պիտի չըլլան,եղանակը պիտի տաքնայ

Հանրապետութեան տարածքին մէջ`

Մայիս 31-ին, յունիս 1-ի եւ 2-ի գիշերը կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ։ Յունիս 3-4-ին գիշերը եւ կէսօրէ ետք շրջաններու մեծ մասի մէջ, յունիս 1-ին եւ 2-ին կէսօրէ ետք առանձին շրջաններու մէջ կը սպասուի կարճատեւ անձրեւ եւ ամպրոպ, հնարաւոր է նաեւ կարկուտ։

Յունիս 3-4-ին առանձին հատուածներու մէջ անձրեւները պիտի ըլլան յորդառատ։

Քամին՝ հարաւարեւմտեան՝ 2-5 մ/վ, ամպրոպի ժամանակ կը սպասուի քամիի ուժգնացում՝ 18-22 մ/վ արագութեամբ։ Օդի ջերմաստիճանը մայիս 31-էն յունիս 1-ը պիտի բարձրանայ 5-6 աստիճանով, յունիս 3-4-ին նոյնքան պիտի նուազի։

 

Երեւան քաղաքին մէջ՝

Մայիս 31-ին, յունիս 1-2-ին կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ։ Յունիս 3-4-ին գիշերը եւ կէսօրէ ետք կը սպասուի կարճատեւ անձրեւ եւ ամպրոպ, ամպրոպի ժամանակ քամիի ուժգնացում՝ 15-18 մ/վ արագութեամբ։