Օթաուան Ուքրանիոյ հակամարտութեան հետեւանքով Ռուսիոյ պատժամիջոցներու տակ գտնուող ոլորտներուն աւելցուցած է եւս երեքը՝ մետաղագործութիւնը, ճարտարագիտութիւնը եւ փոխադրութիւնը: Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «ria.ru»-ն, կը յայտնէ Գանատայի ԱԳՆ-ն։
Սահմանափակող միջոցառումներու ցանկը կը ներառէ սեւ մետաղագործութիւնը, պատրաստի մետաղական արտադրանքի, համակարգիչներու, ելեկտրոնաբանութեան, տեսագիտութեան, ելեկտրական սարքաւորումներու եւ փոխադրային միջոցներու արտադրութիւնը, ինչպէս նաեւ ցամաքային փոխադրութիւնը, խողովակաշարերը։
Գանատան նաեւ արգիլած է որոշակի արդիւնաբերական ծառայութիւններու մատուցումը Ռուսաստանի նաւթի եւ կազի, բնագիտական եւ ճարտարապետական ոլորտներուն։
Ուքրանիոյ ապառազմականացման գործողութեան մեկնարկէն ետք Արեւմուտքը զօրացուցած է պատժամիջոցներու ճնշումը Մոսկուայի վրայ։ Շատ երկիրներ յայտարարած են ռուսական դրամատնային հաշիւներու սառեցման մասին, սկսած են բարձրաձայնել ռուսական ուժանիւթերէն հրաժարելու մասին։ Այս ամէնը ԱՄՆ-ի եւ Եւրոպայի համար խնդիր դարձաւ վառելիքի եւ պարէնային ապրանքներու գիներու կտրուկ աճին բախուելէ ետք: