image

Ֆրանսան եւ Անգլիան դէպի քառորդ աւարտական

Ֆրանսան եւ  Անգլիան դէպի  քառորդ աւարտական

Աշխարհի ախոյանութեան 2022-ի 1/8 եզրափակչին Ֆրանսայի հաւաքականը 3-1 հաշուով յաղթեց Լեհաստանին։

Օլիվիէ Ժիրու մրցանշային` 52-րդ կոլը նշանակեց Լեհաստանի բերդին մէջ, դառնալով Ֆրանսայի ազգային խումբին պատմութեան ամէնէն շատ կոլ նշանակող ֆութպոլիստը: Ժիրուի կոլը եւ Ըմպափէի «տուպլ»-ը յաղթանակ մը պարգեւեցին Ֆրանսային` 3-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Լեհաստանը (կիսախաղ` 1-0 ): Լեհաստան մրցումի վերջին վայրկեանին փենալթի հարուածով նշանակեց իր որբ կոլը, Ռոպերթ Լեւանտովսքիի միջոցով:

Մրցումը տեղի ունեցաւ «Թումամա» մարզադաշտին մէջ, 40.989 մարզասէրներու ներկայութեան:

 

1/8 եզրափակչին Անգլիոյ հաւաքականը 3 անպատասխան գնդակ ուղարկեց Սենեկալի խումբի դարպասը:

Կիսաեզրափակիչ անցելու համար Անգլիոյ հաւաքականը պիտի մրցի Ֆրանսայի հաւաքականի հետ:

Յիշեցնենք, որ կիսաեզրափակիչ անցած են նաեւ Արժանթինի ու Հոլանտայի հաւաքականները: