image

Ֆէյսպուքը արգելափակած է իրանեան Press TV կայանը

Ֆէյսպուքը արգելափակած է իրանեան Press TV կայանը

Դիմատետրը որոշած է ընդմիշտ արգելափակել իրանական Press TV հեռատեսիլի կայանի էջը, որ 4 միլիոն հետեւորդ ունի: Այս մասին յայտնած է «ԹԱՍՍ» գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով կայանի յայտարարութիւնը:

«Մենք արդէն վերանայած ենք այդ որոշումը, եւ անիկա կարելի չէ փոխել»,- իրանական հեռատեսիլի կայանը մեջբերած է ընկերային ցանցէն ստացած հաղորդագրութիւնը:

Որպէս արգելափակման պատճառ նշուած է այն, որ «կայանը հրաժարած է Դիմատետր միութեան կանոններուն հետեւելէ»: Ինչպէս նշուած է, ընկերային ցանցէն չեն մասնաւորած, թէ որ կանոնը խախտուած է:

Press TV-ն իրանական հիմնական հեռատեսիլի կայանն է, որ կը հեռարձակուի անգլերէնով եւ կը լուսաբանէ նաեւ միջազգային քաղաքականութիւնը, հասարակական իրադարձութիւնները, մշակութային եւ զբօսաշրջային թեմաները: