image
Հրատապ լուրեր:

ԱՄՆ-ն խոցած է իր օդանաւակիրին մօտեցող իրանեան ԱԹՍ. Reuters

ԱՄՆ-ն խոցած է իր օդանաւակիրին մօտեցող իրանեան  ԱԹՍ. Reuters

 

ԱՄՆ զինուորականները փետրուար 3-ին խոցած են իրանական անօդաչու թռչող սարք մը, որ յարձակողական կերպով կը մօտենար Արաբական ծովուն մէջ գտնուող «Աբրահամ Լինքըլն» օդանաւակիր նաւուն։

Այս մասին կը հաղորդէ Reuters գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով ԱՄՆ զինուած ուժերը։

Միջադէպը տեղի ունեցած է ԱՄՆ-ի եւ Իրանի միջեւ միջուկային ծրագրին շուրջ բանակցութիւններու կազմակերպման եւ ԱՄՆ-ի կողմէ դէպի Իրան ռազմածովային նաւերու ուղարկման լոյսի ներքոյ։

Գործակալութեան համաձայն՝ ԱՄՆ զինուորականները յայտնած են, որ իրանական «Շահետ-139» ԱԹՍ-ն կը շարժէր դէպի օդանաւակիրը «անյայտ մտադրութեամբ», եւ ան խոցուած է ամերիկեան F-35 կործանիչի կողմէ։

««Աբրահամ Լինքըլն»-ի F-35C կործանիչը խոցած է իրանական անօդաչու թռչող սարքը ինքնապաշտպանութեան եւ օդանաւակիրը ու անձնակազմը պաշտպանելու նպատակով»,– յայտարարած է ԱՄՆ զինուած ուժերու Կեդրոնական հրամանատարութեան խօսնակ, ռազմածովային ուժերու քափիթան Թիմ Հոքինսը։

Ան աւելցուցած է, որ միջադէպի ընթացքին ամերիկացի զինծառայողներ չեն տուժած, ամերիկեան սարքաւորումներ չեն վնասուած։

ՄԱԿ-ի մօտ Իրանի ներկայացուցիչութիւնը հրաժարած է մեկնաբանութիւն տալէ։

Թեհրանէն յայտնած են, որ իրանական ԱԹՍ-ն յաջողութեամբ կատարած է իր առաքելութիւնը նախքան ամերիկեան կործանիչի կողմէ խոցուիլը։

Նշուած է, որ տուեալ հետախուզական ԱԹՍ-ներու առաքելութիւնը մշտադիտարկած է Իսլամական Հանրապետութեան մերձակայ շրջաններուն մէջ բոլոր ռազմական տեղաշարժերը։ Ըստ Fars News գործակալութեան՝ անօդաչուն տուեալները կը ստանայ եւ ատոնք կը փոխանցէ իրական ժամանակի ռեժիմով։Իր հերթին, տեղեկացուած աղբիւրը, մեկնաբանելով տեղեկութիւններն այն մասին, որ ԱՄՆ կործանիչը թիրախաւորած է «Աբրահամ Լինքըլն» օդանաւակիրին մօտեցող ԱԹՍ-ն, Tasnim գործակալութեան յայտնած է, որ այդ եղած է «Շահետ-129» անօդաչու։