image

Եւրոպան կ՚աջակցի Հայաստանին ԵՄ անդամ դառնալու ձգտումներուն. Մարթա Քոս

Եւրոպան կ՚աջակցի Հայաստանին ԵՄ անդամ դառնալու ձգտումներուն. Մարթա Քոս

Եւրոպան պիտի աջակցի Հայաստանին՝ Եւրոպական Միութեան անդամ դառնալու անոր ձգտումներուն մէջ, ըսած է Եւրոպական Միութեան ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Մարթա Քոսը՝ մեկնաբանելով Հայաստանի եւրոպական համարկման վերաբերեալ վերջին յայտարարութիւնները։ Լրագրողներու հետ զրոյցի տեսանիւթը տարածած է Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց խորհուրդը։

«Միայն Հայաստանի ժողովուրդը կրնայ որոշել իր ապագան։ Եւրոպական քաղաքական համայնքի վերջին հանդիպումը, ինչպէս նաեւ ԵՄ-Հայաստան գագաթնաժողովը ցոյց տուին այն ուղին, որով անոնք կ՚ուզեն երթալ, եւ Եւրոպան պիտի աջակցի անոնց»,- ըսած է Քոսը։

Ան աւելցուցած է, որ Եւրոպան տեղեակ է տարածաշրջանին մէջ աշխարհաքաղաքական զարգացումներուն եւ ուշադրութեամբ պիտի հետեւի անոնց։

 

Աւելի վաղ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած էր, որ առաջարկած է ԵԱՏՄ-ի յաջորդ գագաթաժողովի ընթացքին քննարկել Եւրոպական Միութեան հետ կապուած Հայաստանի ծրագիրները։ Ապրիլ 1-ին Մոսկուայի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպման ընթացքին Փութին նշած էր, որ անկարելի է միաժամանակ գտնուիլ թէ՛ ԵՄ-ի եւ թէ՛ ԵԱՏՄ-ի մաքսային միութեան մէջ։