Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան (ԱՀԿ) գնահատմամբ` Եւրոպայի մէջ «Քովիտ»ի համաճարակի աւարտին կարելի է սպասել «Օմիքրոն» տարերակի ընթացիկ ալիքի թուլացումէն յետոյ:
«Ամենայն հաւանականութեամբ այս տարածաշրջանը կը մտնէ համաճարակի վերջնական փուլ: Այնուամենայնիւ, անհրաժեշտ է ուշադիր հետեւիլ «Քովիտ»ի հնարաւոր նոր փոխակերպումներուն», յայտնած է ԱՀԿ Եւրոպական տարածաշրջանի տնօրէն Հանս Քլիւկէն:
Աւելի վարակիչ, բայց նուազ վտանգաւոր «Օմիքրոն» տարբերակի տարածման լոյսին տակ Եւրոմիութեան շարք մը երկիրներու մէջ սկսած են չեղարկել հակահամաճարակային սահմանափակումները: