image

Եւրոպական Միութիւնը պիտի թուլացնէ պատիժները կարգ մը ռուսական դրամատուներու վրայ

Եւրոպական Միութիւնը պիտի թուլացնէ պատիժները կարգ մը ռուսական դրամատուներու վրայ

Եւրոպական միութիւնը պիտի փոխէ Ռուսիոյ դէմ իր պատժամիջոցները՝ ռուսական առաջատար դրամատներու որոշ միջոցներու ապասառեցում թոյլ տալու համար, որոնք կրնան անհրաժեշտ ըլլալ պարէնամթերքի եւ պարարտանիւթերու համաշխարհային առեւտուրի խոչընդոտներու վերացման համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Reuters»-ը՝ վկայակոչելով փաստաթուղթի նախագիծը:

Այս քայլը ձեռնարկուած է ափրիկեան առաջնորդներու՝ առեւտուրի վրայ պատժամիջոցներու բացասական ազդեցութեան կապակցութեամբ քննադատութեան հետեւանքով:

Համաձայն փոփոխութիւններու, որոնք ԵՄ ներկայացուցիչները պիտի ընդունին չորեքշաբթի, ԵՄ երկիրները պիտի կարողանան ապասառեցնել նախապէս արգելափակուած տնտեսական միջոցները, որոնք կը պատկանին Ռուսիոյ խոշորագոյն վարկատուներուն՝ «ՎՏԲ»-ին, «Սովկոմպանք»-ին, «Նովիկովպանք»-ին, «ՖԿ Օտկռիտիէ»-ին, «ՎԵԲ»-ին, «Պրոմսվիազպանք»-ին եւ «Ռոսիա» պանքին:

Առանձին-առանձին, նոր պատժամիջոցներու համաձայն, որոնք պիտի ընդունուին չորեքշաբթի օր, «Սպերպանք»-ի հաշիւները պիտի սառեցուին, բացառութեամբ պարէնային ապրանքներու առեւտուրի համար անհրաժեշտ միջոցներուն, Reuters-ին յայտնած է ԵՄ պաշտօնական ներկայացուցիչը:

Փաստաթղթի նախագիծին մէջ նշուած է, որ գումարը կրնայ ազատուիլ «երբ պարզուի, որ այդպիսի միջոցներ կամ տնտեսական միջոցներն անհրաժեշտ են գիւղատնտեսական եւ պարէնային ապրանքներու, այդ շարքին՝ ցորենի եւ պարարտանիւթերու գնման, ներմուծման կամ տեղափոխման համար»:

Վերանայուած պատժամիջոցներու համաձայն՝ ԵՄ-ն նաեւ կը նախատեսէ թուլացնել սննդամթերքի արտահանումը ռուսական նաւահանգիստներէն, որոնք առեւտրականները դադրած են սպասարկել ԵՄ պատժամիջոցներէն ետք՝ հակառակ սննդամթերքի արտահանումը ուղիղ կերպով ազատող միջոցներուն, ըսած է պաշտօնեան։

ԵՄ-ն մինչ այժմ կը հերքէր, որ իր պատժամիջոցներն ազդած են սննդամթերքի առեւտուրին վրայ: