image

Եւրոպացի դէտեր կը շարունակեն պարեկութեան աշխատանքները

Եւրոպացի դէտեր կը շարունակեն պարեկութեան աշխատանքները

Հայաստանի մէջ Եւրոպական միութեան քաղաքացիական առաքելութեան (EUMA) դիտորդներն ամէն օր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանամերձ հատուածներուն մէջ մօտ 3800 քիլոմեթրի վրայ տարբեր հանգոյցներէ (կեդրոններէ) պարեկութիւն կ'իրականացնեն: Այս մասին ըսուած է առաքելութեան թուիթըրեան էջին:

«Որպէս Եւրոպական միութեան քաղաքացիական անզէն առաքելութիւն՝ EUMA-ի մանթատն է՝ զեկուցել անվտանգութեան իրավիճակի մասին եւ միջադէպերէ ետք հաւաքել ստուգուած տեղեկատւութիւն, ինչպէս, օրինակ, այս ուրբաթ՝ Երասխի մէջ»,- գրուած է հաղորդագրութեան մէջ: