image

Եւրոպան միշտ աջակից Հայաստան-Ատրպէյճան գործընթացին. Եւրոպացի պաշտօնատար

Եւրոպան միշտ աջակից Հայաստան-Ատրպէյճան գործընթացին. Եւրոպացի պաշտօնատար

Եւրոպական Միութիւնը պիտի շարունակէ աջակցիլ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացին։ Այս մասին X-ի իր էջին վրայ գրած է Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Մակտալենա Կրոնոն՝ անդրադառնալով Պաքուի մէջ կայացած հանդիպումներու ընթացքին քննարկուած հարցերուն։

«Մեր քննարկումները կեդրոնացած էին տարածաշրջանային զարգացումներուն, Եւրոպական Միութեան եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններուն, փոխադրամիջոցային եւ լոճիսթիք կարելիութիւններուն, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացին, ինչպէս նաեւ՝ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Ատրպէյճանի մէջ Եւրոպական Միութեան բարձր մակարդակի յառաջիկայ շփումներէն առաջ քննարկուելիք հարցերուն վրայ։

Մենք համաձայնեցանք, որ կարեւոր է պահպանել երկու երկիրներուն միջեւ տեւական խաղաղութեան ճանապարհին պատմական ձեռքբերումներով ստեղծուած դրական թափը։ Եւրոպական Միութիւնը պիտի շարունակէ աջակցիլ այս գործընթացին»,– նշած է Կրոնոն։