Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէպ Թայիպ Էրտողան յայտարարած է, որ 20 Հոկտեմբերին, Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւի հետ կը մասնակցի Ղարաբաղի, Զանգելան օդակայանի բացման արարողութեան։
«Իլհամ Ալիեւը մեզմէ խնդրած է ճշդել այցին ամսաթիւը։ Զանգելանի օդակայանի բացումէն ետք պիտի ուղեւորուինք Ճապրայիլ, ուր տեղի պիտի ունենայ հանդիսաւոր արարողութիւն։ Արդէն ձեռք բերուած է համապատասխան պայմանաւորուածութիւն ։ Չեմ բացառեր, որ այլ ղեկավարներ նաեւ մասնակցին այս արարողութեան»,- ըսած Էրտողան։