image

Երկրէն բացակայելու արգելք Եպիսկոպոսներու հանդէպ

Երկրէն բացակայելու արգելք Եպիսկոպոսներու հանդէպ

Աւստրիոյ մէջ կայանալիք Եպիսկոպոսաց ժողովին ընդառաջ մեղադրեալի կարգավիճակ ունին 6 բարձրաստիճան հոգեւորական, անոնց բոլորին արգիլուած է բացակայիլ երկրէն։

Գուգարաց թեմի առաջնորդ Յովնան եպիսկոպոս Յակոբեանը
Սիւնեաց թեմի առաջնորդ Մակար եպիսկոպոս Յակոբեանը
Մայր Աթոռի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեանը
Տ. Հայկազուն եպիսկոպոս Նաճարեանը
Եկեղեցականաց եւ երիտասարդաց վերապատրաստման ծրագրերու տնօրէն Վահան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեանը
Մայր Աթոռի վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Մուշեղ եպիսկոպոս Բաբայեանը

Ըստ Քննչական կոմիտէի՝ դատական որոշումը չկատարելու դէպքի առթիւ նախաձեռնուած քրէական վարոյթի նախաքննութեան ընթացքին 7 անձի (Նաթան արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեան, Յովնան եպիսկոպոս Յակոբեան, Մակար եպիսկոպոս Յակոբեան, Մուշեղ եպիսկոպոս Բաբայեան, Հայկազուն արքեպիսկոպոս Նաճարեան, Վահան եպիսկոպոս Յովհաննիսեան, Մովսես քահանայ Սահակեան-խմբ.) նկատմամբ յարուցուած է հանրային քրէական հետապնդում՝ Քրէական օրէնսգիրքի 507-րդ յօդուածի 2-րդ մասով (դատական ակտը չկատարելը կամ ատոր կատարման խոչընդոտելը, որ կատարուած է իշխանական կամ ծառայողական լիազօրութիւնները կամ ատոնցմով պայմանաւորուած ազդեցութիւնն օգտագործելով): 

Վերջիններուս նկատմամբ որպէս խափանման միջոց ընտրուած է բացակայելու արգելքը: