image

Երուսաղէմի մէջ մահացած է ՀԵՄ-ի երկարամեայ անդամուհի՝ Արփիկ Մարտիրոսեան

Երուսաղէմի մէջ մահացած է ՀԵՄ-ի երկարամեայ անդամուհի՝ Արփիկ Մարտիրոսեան

Այս առթիւ ՀԵՄ-ի եւ ՌԱԿ-ի վարչութիւնները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի որդուն Կարպիս Մարտիրոսեանի, քրոջ եղբոր եւ բոլոր ընտանեկան պարագաներուն։ 

Երուսաղէմի  ՀԵՄ-ի էջէն կը կարդանք՝ 

ՀԵՄ-ի եւ ՌԱԿ-ի վարչութիւնները կը գուժեն մահը Միութեանս երկարամեայ անդամ ընկերուհի Արփիկ Մարտիրոսեանի որ տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 30 Յուլիս 2026-ին Երուսաղէմի մէջ։ 

Միութեանս 82-րդ ամեակի առթիւ արժանացած է Միութեանս երկարամեայ եւ նուիրեալ անդամի շքանշանին։ 

Այս առթիւ ՀԵՄ-ի եւ ՌԱԿ-ի վարչութիւնները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի որդուն Կարպիս Մարտիրոսեանի, քրոջ եղբոր եւ բոլոր ընտանեկան պարագաներուն։ 

Թաղման արարողութիւնը տեղի  ունեցաւ  Շաբաթ, 1 Օգոստոս, 2026-ին կէսօրէ ետք ժամը 3:45 Հայոց Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ։ 

Աստուած Հոգին Լուսաւորէ