Լոս Անճելըսի Պոլսահայ Միութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ 1996 թուականի հիմնուած ու Պոլսոյ հրատարակուող «Ակօս» շաբաթաթերթին 30-ամեակը: Միջոցառման ընթացքին ելոյթ ունեցան Լոս Անճելոսահայ մամուլի`«Ասպարէզ»-ի, «Նոր Օր»-ի եւ «Մասիս»-ի ներկայացուցիչները` անդրադառնալով այն կարեւոր դերին, որ կը կատար «Ակօս» հայութեան հեղինակութիւնը պաշտպանելու եւ ըլլալով երկլեզու թուրք հասարակութիւնը դաստիարակելու առումով: Երեկոյի ընթացքին ներկաները առիթը ունեցան տեսակապի միջոցաւ լսելու նաեւ Թերթի խմբագիրներուն ու հրատարակիչներուն խօսքերը իրենց առօրեայ աշխատանքներուն ու հետապնդած նպատակներուն մասին:
Ստորեւ`«Մասիս»-ի խօսքը այս առթիւ.
Երեսուն տարի առաջ, երբ նահատակ Հրանդ Տինք եւ իր գաղափարակից ընկերները հիմնեցին «Ակօս» շաբաթաթերթը, անոնք միայն նոր հրատարակութիւն մը կեանքի չկոչեցին: Անոնք բանալի մը տուին ամբողջ հայութեան` բաց պահելու այն դուռը, որուն անունը Պոլիս է: Անոնք բացին պատուհան մը, ուրկէ կարելի եղաւ տեսնել, հասկնալ եւ զգալ պոլսահայ կեանքը` իր յոյսերով, իր պայքարներով, իր մտահոգութիւններով եւ իր աննկուն կամքով:

Հրանդ Տինքի մեծութիւնը միայն անոր գրիչին կամ հրապարակային խօսքին մէջ չէր: Ան իր ամբողջ կեանքով ապացուցեց, թէ կարելի է ճշմարտութիւնը արտասանել` առանց ատելութիւն սերմանելու, կարելի է պայքարիլ` առանց կամուրջներ այրելու, կարելի է պահանջատէր մնալ` առանց մարդը կորսնցնելու: Այդ արժէքներն են, որոնք այսօր ալ կը շարունակեն ապրիլ «Ակօս»-ի էջերուն մէջ եւ անոր առաքելութեան ընթացքին:
Հրանդ Տինքը յաւերժ է: Ոչ միայն իր յիշողութեամբ, այլ իր մտածողութեամբ, իր բարոյական կեցուածքով եւ այն պատասխանատուութեամբ, զոր փոխանցեց յաջորդ սերունդներուն: «Ակօս»-ը այդ ժառանգութեան ամէնօրեայ շարունակութիւնն է:
Սակայն այսօր, այս յոբելենական առիթով, կայ մէկ ուրիշ ճշմարտութիւն, որ պարտաւոր ենք բարձրաձայնել: Պոլիսը սփիւռք չէ:
Պոլիսը հայութեան պատմական հայրենի ներկայութեան անբաժանելի մէկ շարունակութիւնն է: Ան այն քաղաքն է, ուր դարեր շարունակ կազմաւորուեցան մեր եկեղեցական, կրթական, մշակութային եւ մտաւոր կեանքի ամենակարեւոր էջերէն շատերը: Ան այն միջավայրն է, ուր արեւմտահայերէնը ոչ թէ միայն կը դասաւանդուի, այլ կը շնչէ, կը խօսուի, կը ստեղծագործուի եւ կը շարունակէ ապրիլ բնական ընթացքով:
Ահա թէ ինչու Պոլսոյ հայութիւնը պաշտպանելը կամ անոր կողքին կանգնիլը բարեսիրական վերաբերմունք չէ: Ան ազգային պատասխանատուութիւն է: Որովհետեւ ամէն դպրոց, ամէն եկեղեցի, ամէն մշակութային հաստատութիւն եւ ամէն հայ ընտանիք, որ կը շարունակէ իր ներկայութիւնը այդ քաղաքին մէջ, մեր հաւաքական գոյատեւման մէկ նոր վկայութիւնն է:
Եթէ կ’ուզենք, որ արեւմտահայերէնը շարունակէ ըլլալ ապրող լեզու եւ ոչ միայն գրական ժառանգութիւն, եթէ կ’ուզենք, որ մեր ազգային յիշողութիւնը չվերածուի միայն պատմութեան, ապա պէտք է ամէն ջանք թափենք, որպէսզի Պոլսոյ հայութիւնը շարունակէ ապրիլ, արարել եւ գոյատեւել իր պատմական հողին վրայ:
Այս առումով «Ակօս»-ը շատ աւելի է, քան շաբաթաթերթ մը: Ան կամուրջ է, ան վկայութիւն է, ան ազգային ներկայութեան արձանագրութիւնն է: Ան կը պահէ բաց այն պատուհանը, ուրկէ ամբողջ աշխարհի հայութիւնը կը շարունակէ նայիլ դէպի Պոլիս:
Եւ մենք, Լոս Անճելըսէն, ուր կ’ապրի աշխարհասփիւռ հայութեան ամենամեծ համայնքներէն մէկը, այսօր մեր ձայնը կը միացնենք այս համոզումին: Որովհետեւ որքան ալ աշխարհագրութիւնը մեզ բաժնէ, Պոլիսը կը մնայ մեր ազգային ինքնութեան կենդանի առանցքներէն մէկը:
Այս երեսուն տարիներուն ընթացքին «Ակօս»-ը ապացուցեց, թէ կարելի է ըլլալ համարձակ, պատասխանատու եւ սկզբունքային: Կարելի է խօսիլ ճշմարտութիւնը, պաշտպանել համայնքը եւ միաժամանակ հաւատարիմ մնալ երկխօսութեան, արդարութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան:
Թող «Ակօս»-ը շարունակէ մնալ հայութեան խիղճերէն մէկը, Պոլսոյ բաց պատուհանը եւ արեւմտահայ կեանքի վստահելի վկան:
«ՄԱՍԻՍ»