image

Նարեկ Կարապետեանի նկատմամբ խափանման միջոց ընտրուած է բացակայելու արգելքը

Նարեկ Կարապետեանի նկատմամբ խափանման միջոց ընտրուած է բացակայելու արգելքը

«Ուժեղ Հայաստան» դաշինքէն ընտրուած պատգամաւոր Նարեկ Կարապետեանի նկատմամբ որպէս խափանման միջոց ընտրուած է բացակայելու արգելքը եւ 1 միլիառ դրամ գրաւ։ Այս մասին յայտնած են Գլխաւոր դատախազութենէն։

Դատախազը հանրային քրէական հետապնդում յարուցած է «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի ներկայացուցիչ Նարեկ Կարապետեանի նկատմամբ՝ Քրէական օրէնսգիրքի 236-րդ յօդուածի 2-րդ մասով (օրինական կամ անօրինական հաւաքին մասնակցելուն հարկադրելն անձի կամ նրա մերձաւոր ազգականի կամ մերձաւորի նկատմամբ բռնութիւն գործադրելու, գոյքը ոչնչացնելու, վնասելու կամ վերցնելու սպառնալիքով կամ շանտաժի միջոցով, ինչպէս նաեւ հաւաքին մասնակցելու կամ հաւաքին մասնակցելուց հրաժարուելու նպատակով նիւթապէս շահագրգռելը) եւ 296-րդ յօդուածի 3-րդ մասի 3-րդ կէտի (փողերի լուացումը առանձնապէս խոշոր չափերով) յատկանիշներով: Յայտնած են Դատախազութենէն։

Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը երկու օր տեւած քննութենէ ետք բաւարարած էր Նարեկ Կարապետեանի նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցելուն համաձայնութիւն տալու վերաբերեալ Դատախազութեան միջնորդութիւնը, իսկ անոր ազատութենէն զրկելու միջնորդութիւնը ետ ուղարկուած էր։