Այսօր՝ 5 Հոկտեմբերին, Հայաստանի ժամանակով ժամը 12:31-ին գրանցուած է հիւսիսային լայնութեան 41.17⁰ եւ արեւելեան երկայնութեան 43.96⁰ աշխարհագրական համակարգային գիծերով Վրաստան-Հայաստան սահմանային գօտի` Շիրակի մարզի Բավրա գիւղէն 14 քմ հիւսիս-արեւելք, օճախի 10 քմ խորութեամբ, 3.4 ուժգնութեամբ երկրաշարժ:
Երկրաշարժը զգացուած է ՀՀ տարածքին` Շիրակի մարզի Զոյգաղբիւր, Աշոցք եւ Բավրա գիւղերուն, Լոռիի մարզի` Տաշիր, Ալավերտի քաղաքներուն եւ Թումանեան համայնքին մէջ` 3 բալ ուժգնութեամբ: