image

Փաշինեան մեկնած է Միացեալ Նահանգներ. Ան պիտի մասնակցի ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 81-րդ նստաշրջանին

Փաշինեան մեկնած է Միացեալ Նահանգներ. Ան պիտի մասնակցի ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 81-րդ նստաշրջանին

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Սեպտեմբեր 22-25 աշխատանքային այցով պիտի գտնուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, յայտնած է վարչապետի խօսնակ Մելանիա Յարութիւնեան։

 

Վարչապետը Նիւ Եորքի մէջ պիտի մասնակցի ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 81-րդ նստաշրջանի աշխատանքներուն եւ ելոյթ պիտի ունենայ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 81-րդ նստաշրջանի բարձրաստիճան հատուածին։

Այցի ընթացքին վարչապետ Փաշինեան հանդիպումներ պիտի ունենայ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշի եւ արտերկրի այլ գործընկերներու հետ։

Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան աւելի վաղ յայտնած էր, որ Նիւ Եորքի մէջ, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի շրջածիրէն ներս, պիտի հանդիպի Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։